Զրոյական կէտ. Սփիւռքեան խնդիրին վերադարձը
Պատկերազարդում Արմինե Շահբազյանի: Քառասունչորսօրեայ պատերազմը Սփիւռքին համար պիտի հանդիսանա՞յ դարձակէտ ինքնիր մասին մտածելու և Սփիւռքեան oրակարգ կամ նախագիծ ճշդելու համար: Պատերազմէն առաջ/յետոյ բաժանման գիծ մը պիտի զարգանա՞յ սփիւռքեան մտածողութեան մէջ ե՛ւ տեսական բանաձևումներու բանավէճի զարգացման համար ի խնդիր իր գոյավիճակի ընկալման յստակացման, ե՛ւ մարդուժի և ֆինանսներու սահմանափակումներու և աշխարհասփռուածութեան պայմաններու մէջ գործնական նախաձեռնութիւններու առաջնահերթութեանց ճշդումին համար: Նման հարցադրումներու բանաձևումի մեկնակէտ կը հանդիսանան հինգ դիտարկումներ: read in English Ground Zero: Back to the Question of the Diaspora Առաջին, հակառակ սփիւռքագիտութեան յառաջընթացին և ստեղծած հետաքրքրութեան, Սփիւռքեան գործընթացը համայնքներու ոլորտին մէջ ամենալայն ու բազմատեսակ աշխատանքային դաշտերու հասկացողութեամբ, գիտակցաբար թէ «ընթացիկի ուժ»ի, կամ՝ «իներցիա», հանգստաւէտութեան թելադրանքով, ի մասնաւորի 1988-էն (Արցախեան շարժում և երկրաշարժ) սկսեալ և մասնաւորաբար 1991-էն (անկախութիւն) յետոյ, մտածուած և նախաձեռնուած է հայրենիքի հետ ուղղահայեաց յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ: Երևոյթը հարազատ է հայրենիքէն դուրս ապրող աշխարհացրիւ և համայնքներու մէջ կազմակերպուած հայութիւնը իմաստաբանականօրէն որպէս «Սփիւռք» բնորոշելու սկսած ազգային քաղաքական մտածողութեան մը առաջացուցած յարացոյցին, և անոր հետևումով զարգացած բառապաշարով յատկանշուած խօսոյթին: Այսինքն պարզեցնելու համար ինքնին առանձին քննարկման հրաւիրող թեմայ մը, սփիւռքեան գոյավիճակը «բնական» չի կրնար ըլլալ, լոկ «սպասման» իրավիճակ մըն է, ըստ Աւետիս Ահարոնեանի: Սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան «նահանջ»ը, Շահնուրեան իմաստով, Սփիւռքի մէջ աքսորեալ հայուն մահուան սպառնալիքը , և «փրկութեան» միակ միջոցը հայրենադարձութիւնն է, կամ «Մեծ Երազ»ը միտքը պատկերաւորելու համար Գերսամ Ահարոնեանի 1964-ի գրքի (Մեծ Երազի ճամբուն վրայ) խորագրէն յղացքի փոխ-առումով: Այդ թէկուզ և երբեք որպէս Սփիւռքեան տեսութիւն չբանաձևուած յարացոյցը այնուամենայնիւ, ջ հայկական գերիշխան պետութեան մը բացակայութեան պայմաններուն մէջ (1920-1991), Սփիւռքին յատուկ էր այնքան որ, թերևս հակասականօրէն, գոյավիճակի մը